2012-12-31 10:27:25

''Օգթավա Տիէս''` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։


Չինական Շնորհաւորութիւններ։

2012-ի վերջին շաբաթական խմբագրականը` Ռատիովատիկանի տնօրէնը կը նուիրէ Սրբազան Քահանայապետի խաղաղութեան պատգամին եւ Urbi et Orbi առաքելական օրհնութեան որոնց միջոցաւ Սրբազան Հայրը խաղաղութեան եւ համերաշխութեան պատգամ մը ուղղած էր համայն աշխարհին, սկսեալ Սուրիոյ տագնապալից եւ տառապեալ կացութենէն։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ յատուկ մաղթանք յայտնած էր Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան Ղեկավարներուն իրենց ''բարձր պարտականութեան համար որուն կանչուած են''։
Հաւանաբար անսպասելի անցք մըն է - կը գրէ հայր Լոմպարտին - սակայն կը յայտնէ թէ ինչպէս Սրբազան Հօր ու Եկեղեցւոյ նայուածքը կեդրոնացած է մարդկութեան ուղեւորութեան վրայ։
Չինաստանը աշխարհի ամէնաշատ բնակչութիւն ունեցող երկիրն է եւ մեծ դեր կը խաղայ համաշխարհային հաւասարակշռութեան ծիրէն ներս։ Սովորական իշխանութեան տեսակիւնի նայուածք մը չէ այլ համերաշխութեան ու զօրակցութեան տեսանկիւնէն նայուածք մը` ի շահ այդ ''ազնիւ ժողովուրդին ու համայն աշխարհին''։
Կրօնները պէտք չեն դիտուիլ կասկածով կամ որպէս բաժանումի միոջոցներ այլ որպէս դրական հոգեւոր ուժեր որոնք կ՛ուզեն սատարել հասարակաց բարիքին։
Խաղաղութեան Թագաւորը - կը գրէ հուսկ ռատիովատիկանի տնօրէնը եզրափակելով իր խմբագրականը - կու գայ բոլորին համար։ Մեծ ու պզտիկ ազգերու համար։ Եթէ խաղաղութիւնը փնտռուի, փոքրերը պէտք չէ վախնան մեծերէն։
Սրբազան Հօր մաղթանքները արտասանուած են միայն 65 լեզուներով սակայն անոնք կը յատկանշեն աշխարհի բոլոր լեզուները որովհետեւ ամէնքս մէկ ընտանիքի մաս կը կազմենք եւ ունինք նոյն Հայրը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.